«Վաղուց ժամանակն է, որպեսզի Ալլա Պուգաչովան ճանաչվի որպես օտարերկրյա գործակալ և զրկվի Ռուսաստանի Դաշնությունում իր ամբողջ ունեցվածքից՝ Ռուսաստանի Դաշնության զինված ուժերը վարկաբեկելու և արևմտյան քարոզչության օգտին աշխատելու համար»,- հայտարարել է ՌԴ Պետդումայի պատգամավոր Ալեքսեյ Ժուրավլյովը։ Ավելի վաղ Պուգաչովան Instagram սոցիալական ցանցում Կիևի մանկական հիվանդանոցի վրա հրթիռի խոցման մասին գրառում էր արել։               
 

«Հոգեւոր Կեանքի Ընկալումը Շնորհք Պատրիարքի Եկեղեցական, Ազգային, Գրական եւ Համամարդկային Մտահորիզոններուն Մէջէն»

«Հոգեւոր Կեանքի Ընկալումը Շնորհք Պատրիարքի Եկեղեցական, Ազգային, Գրական եւ Համամարդկային Մտահորիզոններուն Մէջէն»
30.04.2023 | 20:20

Սեպտեմբեր 23, 2022ին, Երևանի Խ. Աբովեանի անուան ՀՊՄՀ դահլիճի մէջ տեղի ունեցաւ գիտաժողով մը, «Պոլսահայ գրականութինը 20-րդ դարի կեսից մինչև մեր օրերը» խորագրով: Գիտաժողովը կազմակերպուած էր Համազգայինի Երևանի գրասենեակի եւ նոյն համալսարանի «Սփիւռք գիտաուսումնական կեդրոնի» կողմէ: Առիթը ունեցայ ներկայացնելու, «Հոգեւոր Կեանքի Ընկալումը Շնորհք Պատրիարքի Եկեղեցական, Ազգային, Գրական եւ Համամարդկային Մտահորիզոններուն Մէջէն» նիւթը: Ուրախ եմ յայտելու թէ Երևանի մէջ հրատարակուած է գիտաժողովին ներկայացուած բոլոր զեկուցումները ընդգրկող հատորը՝ որուն մէջ տեղ գտած է նաև իմ ուսումնասիրութիւն- զեկոյցը՝ որ կը բաժնեկցիմ ձեր հետ:

Հոգեւոր բառի հասկացողութիւնը եւ ընկալումը ընդհանապէս ամփոփուած է եկեղեցական եւ կրօնական տեսադաշտերուն մէջ։ Եթէ այս ընկալումը ունի իր արդարացի համոզմունքները, բայց հոգեւորը պիտի տեսնել եւ վեր առնել շատ աւելի ընդարձակ եւ համապարփակ հասկացողութեամբ։

Բառարանը այսպէս կը սահմանէ «հոգեւոր» բառը. «մարդը հոգեւոր արարած է, հոգիի վերաբերեալ, մտաւոր, ոչ-մարմնաւոր, հոգի ունեցող, աննիւթական»։ Այս բացատրութիւններէն մէջտեղ կուգայ «հոգեւոր»ը որպէս կեանք ունենալու եւ ապրելու գիտակցութիւնը։ Կեանքը եւ զայն ապրիլը ընդհանրական է՝ այս շեշտուած ձեւով քրիտոնէական աստուածաբանութեան մէջ։ Հոն ուր Աստուած մարմնացաւ եւ աշխարհ եկաւ, որպէսզի մարդուն կեանք շնորհէ եւ մարդը այդ կեանքը ապրի եւ այդ ապրած կեանքով արժանանայ յաւիտենականութեան։

Աւետարան ըստ Յովհաննու 3:16 կըսէ. «Վասնզի Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, որ միածին որդին ղրկեց, որպէսզի ամէն ով որ անոր հաւատայ չի կորսուի հապա յաւիտենական կեանք ունենայ»։ Աստուածաբանութիւնը այս ճշմարտութիւնն է որ կը շեշտէ, որ Քրիստոս մարդուն հոգեուր կեանքի արժանի սեպեց, որպէսզի մարդ այս կեանքը արժեւորէ։

Աստուածաբանութեան շնորհած կեանքը՝ իմա հոգեւորը, կը դառնայ համապարփակ, որ կը ձգտի նոյն կեանքին մէջ ստեղծել եւ տքնիլ՝ հասնելու համար արժէքին։ Աստուածաբանութեան հիմքը՝ Աստուածաշունչը, մարդուն կը շնորհէ այս կեանքի արժէքին հասնելու ձգտումը։ Այս կեանքի արժէքը ունի երանկիւն հաղորդակցութիւն մը, որ կը սկսի Քրիստոսով, կը դառնայ ազգային, եւ կը հասնի համամարդկային գիտակցութեան։

Քրիստոսի հետեւեալ խօսքը Աւետարան ըստ Մարկոսի մէջ շատ դիպուկ է այս իմաստով։ Ան կ՚ըսէ. «Սիրէ քու ընկերդ քու անձիդ պէս»։ Սէրը Քրիստոս է։ Ան՝ որ մարմնացաւ, որպէսզի մարդուն կեանքը լեցնէ։ Այս սիրով մենք կը սիրենք մեր անձերը՝ իմա մեր ինքնութիւնը, լեզուն, մշակոյթը, հաւատքը, կենցաղը, մշակոյթը եւ Ուրիշը։ Ուրիշը, որ մեզմէ տարբեր է։ Այս հոգեւոր կեանքը իր երանկիւնային՝ Աստուած, ազգ, եւ ուրիշը հասկացողութեամբ, կը ձեւաւորուի տարբեր ոլորտներու մէջէն։

Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան այս երանկիւնային կեանքն է, որ ապրեցաւ եւ իր համակ կեանքը ջանաց, որպէսզի իր հաւաքականութիւնը եւ ժողովուրդը ապրի զայն։ Ան՝ իր ստեղծագործական կեանքով, ջանաց այս հոգեւոր համապարփակ կեանքը իր երանկիւնային տեսադաշտէն բաժնեկցիլ մեր բոլորին հետ։

Շնորհք Պատրիարք կը տեսնէ, թէ մարդ արարածը հոգեւոր եւ բանաւոր արարած մըն է։ Մարդուն հոգեւոր եւ բանաւոր կարողականութիւնը զինք հասցուցած են Աստուծոյ գաղափարին, որ Ստեղծագործն է։ Այս իմաստով մարդը իր հոգեւոր եւ բանաւոր հիմքով կը դառնայ ստեղծագործ՝ ստեղծելով կեանք։

Շնորհք Պատրիարքին համար հաւատքը կեանքի հիմքն է։ Հոս դիպուկ է Պատրիարք Հօր խօսքը. «Անհատներ կամ հաւաքականութիւններ երբ կը խզեն իրնեց կապը Աստուծոյ հետ՝ անխուսափելիօրէն ուշ կամ կանուխ կը դատապարտուին այլասերումի եւ կորուստի»։ Պատրիարք Հայրը գիտէ, որ մարդ արարածը Աստուծոյ գոյութեան հաւատացող արարած մըն է։ Ան կ՚ըսէ. «Անհաւատութիւնը, եթէ իրականին մէջ այսպիսի բան գոյութիւն ունի, համեմատաբար արդի ժամանակներու նորաձեւութիւն մըն է»։ Հաւատքը կ՚ենթադրէ, որ Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ կապ մը կամ հաղորդակցութիւն մը գոյութիւն ունի։

Երբ մարդ հեռանայ Աստուծմէ, այդ կը նշանակէ թէ հեռացնող օղակ մը կայ։ Ուշագրաւ է Պատրիարք Հօր բացատրութիւնը այս իմաստով։ ԻԶՄ վանկը՝ սոսիալիզմ, կոմիւնիզմ, գաբիթալիզմ, հայերէն լեզուի մէջ կը թարգմանուի որպէս ՊԱՇՏ։ Այսինքն եբր մարդ կը սկսի պաշտել այլ համոզմունքներ,անոնք կը հեռացնեն զինք իր հաւատքէն, ինչ որ մարդը կը տանի այլասերումի։

Շնորհք Պատրիարք քաջատեղեակ է հայուն՝ իր ազգին, պատմութեան։ Ան կըսէ. «Շատ բան կորսնցուցինք դարերու ընթացքին ու մանաւանդ մեր ժամանակներուն։ Ահաւոր կորուստներ՝ նիւթական, մշակութային եւ կեանքի։ Սակայն մեր կորուստներէն ոչ մէկը այնքան աղիտալի կը թուի մեզի իր հետեւանքներով քան հաւատքի կորուստը»։ Պատրիարք Հայրը այս գիտակցութեամբ իր գրականութեան մէջ կարեւոր տեղ տուած է հայ ժողովուրդին սուրբերուն, հայ եկեղեցիին եւ անոր աստուածաբանութեան եւ վարդապետութեան։ Պատրիարք Հայրը տեսաւ, թէ հաւատքին կորսուիլը ազգային կորուստ է, որովհետեւ զգ մը կ՚ապրի իր հաւատքով։

Ան ջատագովն է հոգեւոր կեանքի եւ այդ կեանքին ժառանգութեան պահպանումին։ Ան իր համակ կեանքովը փարեցաւ հայ եկեղեցիին, որովհետեւ իրեն համար «եկեղեցին ազգին հոգիին մարմնացումը կը ներկայացնէ»։ Անկախ այն իրականութենէն, թէ եկեղեցին ապրեցաւ շատ մը տագնապներ պատմութեան ընթացքին, բայց ան ոտքի է. «Եկեղեցիին մէջ անմահ կեանքի մը կենդանի հոգին կը բաբախէ տակաւին», կը գրէ ան։ Չուշանար իր դրուատինքը. «Բարեբախտ են այն հայերը, որոնք իրենց հոգեւոր ժառանգութեան թանկագին յարգը կը զգան»։

Հոգեւոր ժառանգութեան մէջ կարեւոր տեղ գտած է Պատրիարք Հօր վաստակը նուիրուած հայ սուրբերուն։ «Ամէն օր կամ պարբերաբար Սուրբի մը կեանքի ընթերցումը կ՚օգնէ մեզ մեր կապը ամուր պահել նախ Աստուածաշունչին հետ, որ մեր փրկութեան ուղեցոյցն է, ապա համայն քրիստոնէութեան հետ, որուն անբաժան մէկ մասն է մեր մայրենի եկեղեցին ու վերջապէս մեր պատմութեան եւ մեր հոգեւոր ժառանգութեան»։ Ահա Պատրիարք Հօր հոգեւոր կեանքի ընկալումը՝ իր գրական անդաստանին մէջէն։

Հայազգի սուրբերուն նուիրուած իր հատորները ունին պատմական համառօտ բայց բովանդակալից տուեալներ, ուր ընթերցողը կրնայ արագ բայց յստակ պատկերացում ունենալ հայ սուրբերուն մասին։ Պատմական հսկայ ուսումնասիրութեան արդիւնք է, որ գրուած է պարզ բայց համոզիչ եւ գրաւիչ լեզուով եւ ոճով, որ չի յոգնեցեր ընթերցողը։

Պատրիարք Հօր հրատարակած գէթ երեք հատորներուն նպատակը հինգէն վեց հարիւր սուրբերու անուններ յիշատակելը չէ միայն։ Պատրիարք Հայրը կը բացատրէ եւ մենք պիտի յանդգնինք ըսելու, թէ ան կը տքնի, որպէսզի սուրբերուն թիւը «անթիւ անհամար» ըլլայ։ Այսինքն բոլոր հայերը եւ մարդկութիւնը ըլլան սուրբ՝ հոգեւոր եւ հաւատքի այս բնութագրուած կեանքի տեսլականին մէջէն։ Ան «անթիւ անհամար» սուրբերու թիւը կ՚առնչէ Աստուածաշունչի Յայտնութիւն Յովհաննու գիրքին հետ, ուր նաեւ կը տեսնենք Պատրիարք Հօր աստուածաբանութեան հմտութիւնը. «Ես ասկէ յետոյ տեսայ մեծ թիւով ժողովուրդ մը, անթիւ, անհամար։ Բոլոր ազգերէն, բոլոր ցեղերէն, բոլոր ժողովուրդներէն, որոնք կեցած էին Աստուծոյ Աթոռին եւ Քրիստոսի-Գառնուկին առջեւ, ճերմակ զգեստներ հագած եւ իրնեց ձեռքերուն մէջ արմաւենիներ բռնած»։

Շնորհք Պատրիարք աստուածաբան եւ Աստուածաշունչի գիտակ կղերականն է։ Անոր հայ կեկեղեցիին աստուածաբանութեան եւ վարդապետութեան նուիրուած հատորին՝ «Մեծ Պահքի Կիրակիներու Ոսկէշղթան», մէջ կայ բովանդակալից ուսումնասիրութիւն Մեծ Պահքի մասին։ Ան Մեծ Պահքի եւ անոր առընթեր հայ եկեղեցիին վարդապետութիւնը եւ սովորութիւնները կամրջած է Աստուածաշունչին հետ։ Պատրիարք Հայրը հայ եկեղեցին եւ անոր վարդապետութիւնը եւ աստուածաբանութիւնը հիմնած է Աստուածաշունչին վրայ, եւ այս բոլորը վերածած է ապրող կեանքի մը տեսլականի։ Ան կրցած է հայ եկեղեցիին վարդապետութիւնը ներմուծել մարդուն կեանքին մէջ։ Հոս մէջտեղ կուգայ Պատրիարք Հայրը իր աստուածաբանական եւ Աստուածաշունչի հմուտ կղերական-մտաւորականը, որ գիտէ կեանք ստեղծել եւ ապրիլ նոյնը։

Ո՞վ է Շնորհք Պատրիարքը, որ այսքան ամուր կերպով ընկալած է այս փիլիսոփայութիւնը։ Պիտի յանդգնինք ըսել փիլիսոփայութիւն, որովհետեւ ան կերտած է կեանքի տեսութիւն մը, որ հայը եւ մարդը պիտի ապրեցնէ։ Ան այս տեսութիւնը սորված է որբութեամբ, զրկանքով, աղքատութեամբ, կարօտով եւ անձկութեամբ։ Հոս արժէ լուսարձակի տակ առնել Պատրիարքին յուշագրական գործերէն, «Ուխտագնացութիւն եւ Հովուապետական Այցելութիւն Գաւառի Մեր Եկեղեցիներուն եւ Համայքներուն» հրատարակուած Պոլիս 1989-ին։ Հոս կը տեսնենք Պատրիարք հօր գրական արժանիքները, որոնք կը պատկանին գեղարուեստական գրական ժանրին։ Պատրիարք Հայրը մանրամասնօրէն կը նկարագրէ 1989-ի իր գաւառներու այցելութիւնը, որ թիւով վեցերրորդն էր։

Ո՞ճը։ Օրագրութիւն է, որուն մէջ տեղ գտած են շատ մանրամասնութիւններ, անուններ, եւ եկեղեցաշէնքեր բծախնդիր ու մանրակրկիտ նոթագրութեամբ։ Օրագրութիւնը համեմած է զգացական ու գրական գեղեցիկ նկարագրութիւններով, ինչ որ կը մօտեցնէ գեղարուեստական գրական ոճին։ Ան մինակը չէ, որ կը շրջագայի մէկ գաւառէն միւսը։ Ոչ ալ միայն իր հետ ընկերակցող պատուիրակութիւնը։ Պատրիարք Հայրը ընթերցողն ալ իր հետ կ՚ուղեկցէ, թեկուզ որ ան՝ իմա ընթերցողը, կը կարդայ զայն աւելի քան երեք տասնամեակներ ետք։ Ընթերցողը կ՚ապրի հայկական գաւառները, այդ գաւառներուն մէջ ապրող հայերը, իրենց տագնապները, կիսաքանդուած եկեղեցիները եւ Պատրիարք Հօր ապրած հայրական, մարդկային ու հայկական հոգին, որ դուրս կը ժայթքեն գրութիւններուն մէջէն, որպէս ապրող իրականութիւն։ Ընթերցողը կը զգայ Պատրիարքին հոգին, որ անընդհատ կը տրոփէ։ Հոգեւոր այս հաւատքի հոգին, որ կը թարգամանուի Պատրիարք Հօր ապրած կեանքով այդ օրերուն եւ որ կը բաժնեկցի զայն իւրաքանչիւր գաւառի հետ երբ կ՚այցելէ։ Հոս ընթերցողը դարձեալ կը տեսնէ Պատրիարք Հօր հոգեւոր կեանքի երամիասնութիւնը եւ անոր հիմքը։ Պատրիարք հօր հաւատքը Քրիստոսի, կապուածութիւնը հայուն, եւ անոր մշակութային ժառանգին եւ յարգանք ու սէրը մարդուն։

Այս երամիասնութեան ակո՞ւնքը։ «Անձկութեամբ ակնկալուած անհաւատալի երազ մը ի վերջոյ իրականացաւ»։ Պատրիարք հայրը 67 տարիներ ետք կը վերադառնայ իր գիւղը՝ Իյտելի, Անատոլու, բայց այս անգամ որպէս Պատրիարք։ Հայրը շատ փոքր տարիքէն մահացած է եւ մայրը զինք 8 տարեկանին ղրկած է դպրոց, որ աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել որբանոց, որպէսզի ուսում ստանայ։ Ան թրքախօս էր եւ միայն դպրոց երթալէն ետք սորված է հայերէն։ Եւ 67 տարիներ ետք, «գիւղիս պատկերը երբեք չէր աղօտացած եւ կարօտը չեր մարած», կը գրէ ան։

Ան մէկ մէկ կը յիշէ իւրաքանչիւր անցուդարձ որ ապրած էր գիւղին մէջ հեռանալէն առաջ։ Ան կը ճանչնար «գիւղի բոլոր վայրի ծաղիկները, ուտելի խոտերը»։ Բնութիւնը սիրողն է ան ու տակաւին կենդանիները եւ արչարները։ Վերջապէս գաւառի տղան էր եւ այդ հոգիով մեծցած ու զարգացած եւ հիմա ետ կը վերադառնար։ Ան կը տեսնէ իր գիւղի վարժարանը, Պարթեւեան դպրոցը «ուր կարդալու չհասաւ իմ սերունդը», կ՚ըսէ Պատրիարքը։ Կ՚երթայ գերեզմանոցը, ուր թաղուած էին իր գերդաստանի բոլոր մեծերը. «Ոչ մէկ շիրիմաքար մնացած էր գերեզմաններուն մէջ», կ՚ըսէ Պատրիարքը, որովհետեւ «Մուճահիտները վերցուցած էին զանոնք իրենց տուները շինելու համար»։

Իրենց տունը հիմնովին մէջտեղէն վերացած էր։ Բայց արդիօք կրցած էին վերացնել յուշը եւ յիշողութիւնը։ Պատրիարք Հայրը 77 տարեկան հասակին կը նստի իր դպրոցի գրասեղանին առջեւ երբ 7 տարեկանին առիթը չէր ունեցած։ Պատճա՞ռը, ինչպէս ինք կ՚ըսէ. «մանկութիւն չունեցող սերունդի պատկանած ըլլալուս համար»։ Մանկութիւն չունեցող այս սերունդէն շինուած եւ մէջտեղ եկած է հոգեւոր կեանք մը։ Կեանք մը, որուն հիմքը հաւատքն է։ Հաւատքը Աստուծոյ, ազգին եւ մարդուն։ Ինչպէս Ռոպէր Հատէճեան կ՚ըսէ. «Իրական հաւատացեալ մըն էր Շնորհք Պատիրարք։ Բեմին վրայ կամ բեմէն վար, ժողովուրդին մէջ կամ առանձին խցիկին մէջ, օրը 24 ժամ ջերմեռանդ հաւատացեալ էր»։

Շնորհք Պատրիարք միայն չապրեցաւ այս հաւատքի կեանքը։ Ան նաեւ գրեց։ Ռոպէր Հատէճեան զարմանքով հարց կուտայ. «Ինչպէ՞ս իր այդ ծանր եւ ապերախտ զբաղմունքներուն կարգին, ինչպէ՞ս ժամանակ կը գտնէր այդքան շատ գիրք ու յօդուած գրելու։ Որովհետեւ ժամանակ չէր ուզեր կորսնցնել»։ Իսկ ժամանակ չկորսնցնելու համար ան հրատարակեց երեւի երկու տասնեակ գիրքեր։

Պատրիարք Հայրը մատուցած է հսկայական ծառայութիւն եւ աջակցութիւն գաւառէն եկած եւ Պոլիս հաստատուող հայ ընտանիքներուն։ Այդ օրերուն այս արարքը շատ զգայուն եւ նոյնիսկ վտանգով լեցուն գործընթացք մըն էր։ Բայց Պատրիարքը ըրաւ այդ մէկը, որովհետեւ կը հաւատար թէ հայը, ի մասնաւորի պզտիկները, պէտք է կրթութիւն ստանային հայ վարժարաններու մէջ եւ հայ մեծնային։ Բաւական մեծ է թիւը այդ երախտաւորներուն, որոնք հայ ժողովուրդին կեանքին մէջ դարձան ականաւոր դէմքեր, որովհետեւ անոնք ստացան հայեցի դաստիարակութիւն։ Այս Շնորհք Պատրիարքին տեսլականին արդիւնքն էր։ Տեսլական մը, որ ինչպէս Հատէճեան կ՚ըսէ. «Ձեռք բերուեցաւ ի գին յորդառատ արցունքի եւ քրտինքի, որոնք հոսեցան Շնորհք Պատրիարքի աչքերէն եւ ճակատէն»։ Ան հաւատաց, թէ «Իրական խաչը կեանքի ու առաքելութեան դժուարութիւն կը նշանակէր, անձնազոհութիւն ու զոհաբերում կը նշանակէր, ուրիշները փրկելու համար փշապսակ կրել, զոհուիլ կը նշանակէր»։

Շնորհք Պատրիարք հոգեոր եւ հաւատքի իր կեանքին զուգահեր անոր ազգային եւ մշակութային կեանքի մէջ ներդրումը եղած է մեծ։ Հատէճեան կ՚ըսէ. «Ան մշակոյթի հաւատարիմ պահակը եղած է»։ Եթէ մէկ կողմէ մշակութային եւ գրական ձեռնարկներ կազմակերպած եւ քաջալերած է, ան նոյնքան նաեւ նախանձախնդիր եղած է, որպէսզի յուշամատեաններ պատրաստուին պատիրարքներու եւ այլ նշանաւոր հայերու մասին, որպէսզի մոռացութեան չմատնուին, եւ հայը տեղեակ ըլլայ իր մշակութային հարստութեան։

Շնորհք Պատրիարք ունի նաեւ օրագրութիւն։ Անոր օրագրութեան մէջ կը տեսնենք գրական եւ գեղարուեստական ու տակաւին փիլիսոփայական եւ իմաստասիրական ոճ եւ տեսութիւն։ 1937-ին եիրտասարդ հոգեւորականը կը գրէ իր օրագիրներէն մէկուն մէջ. «Աշխարհի կեանքէն անդին կայ կեանք մը, որ շարունակութիւնն է, տարբեր միջավայրի մը մէջ, անդենականին։ Մարդը նոյնը կը մնայ նաեւ անդենականին մէջ իր ախորժակներով, իր ձգտումներով, իր նախասիրութիւններով, իր թերութիւններով ու առաւելութիւններով։ Բանաստեղծը հոն ալ բանաստեղծ կը մնայ, գիտնականը գիտնական եւ եկեղեցականը եկեղեցական»։Շնորհք Պատրիարք հաւատաց աշխարհի այս կեանքին եւ այն որ կը տանի անդենական։

Ան իր համակ կեանքը նուիրեց, որպէսզի հայը հաւատայ այս հաւատքին։ Այս հաւատքը, որ հայուն պատմութեան շարունակականութիւնը պիտի ապահովէ մինչեւ անդենական։ Ան տքնեցաւ այս հաւատքի կեանքին համար եւ տուաւ գրականութիւն։ Գրականութիւն մը, որ դուրս եկաւ իր «հանգիստի պահէն» ինչպէս ինք կ՚ըսէ. «Գիտնալով հանդերձ հայերէն գիրքի ընթերցումը սփիւռքի մէջ նահանջի մէջ է, այսուհանդերձ կը խորհինք թէ այս գիրքերը իրենց նպատակին կը ծառայեն, եւ ի զուր անցած չպիտի նկատենք անոր պատրաստութիւնը, քանի անոր ժամանակը գողցած ենք մեր հանգիստի պահէն»։

Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան՝ եկեղեցականը, աստուածաբանը, հայը, գրողը եւ մարդը։ Ան կառչեցաւ հոգեւոր կեանքի հասկացողութեան՝ հաւատք Քրիստոսի, նուիրում հայ ժողովուրդին, եւ յարգանք մարդ էակին։

Մանկութիւն չունեցող մարդը։

Ան, որ շինեց հաւատքի այս կեանքը, ապրեցաւ զայն եւ տուաւ ապահովութիւնը, որ այս հաւատքի կեանքը կը շարունակուի։

Ուրեմն։ Շարունակենք։

Յարգանք Շնորհք Պատրիարքի ապրած հաւատքի այս նուիրական եւ ստեղծագործական կեանքին։

Դոկտ. Հրայր ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Օգտագործուած Աղբիւրներ

  • Շնորհք Արքեպիսկոպոս Գալուստեան, «Ուխտագնացութիւն եւ Հովուապետական Այցելութիւն Գաւառի Մեր եկեղեցիներուն եւ Համայնքներուն», Իսթանպուլ, 1989։
  • Ռոպերտ Հատտէճեան, «Յիշելով Մեր Սիրեցեալ Շնորհք Պատրիարքը», Իսթանպուլ, 1990։
  • Շնորհք Արքեպիսկոպոս Գալուստեան, «Հայազգի Սուրբեր» Իսթանպուլ, 1998։
  • Շնորհք Պատրիարք, «Մեծ Պահքի Կիրակիների Ոսկե Շղթան Գունագեղ Կիրակիներ Եւ Հոգեգալուստ», Սբ. էջմիածին, 2011։
Դիտվել է՝ 5353

Մեկնաբանություններ